2012-10-12 12:52:37

Ուկրանիոյ Յոյն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ` Դէպի Հռոմ Ուխտագնացութիւնը


Ուկրանիոյ Յոյն Կաթողիկէ եկեղեցւոյ նախաձեռնութեամբ, 13-15 հոկտեմբեր, կազմակերպուած է ՜՜ դէպի Հռոմ ուխտագնացութիւն մը՝՝ հաւատոյ խոստովանող կարտինալ Եոզիֆ Սլիբյիյի (1892-1984) ծննդեան 120-ամեակի եւ Հռոմի Սանդա Սոֆիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ նորոգումի զոյգ առիթներով։ Ուխտագնացութիւնը նուիրուած է վերջերս վերանորոգումի ենթարկուած՝ Սանդա Սօֆիա եկեղեցւոյ օծման արարողութեան։

Ուխտագնացութեան օրակարգը կը նախատեսէ հոգեւոր զանազան հաւաքներ ու նաեւ Ուկրանական Հոգեւոր Երգերու համերգ մը, նուիրուած Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայպետի պատւոյն, որ տեղի կ՛ունենայ կիրկաի 14 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 17-ին եւ որուն ներկայ պիտի գտնուին կարդինական դասի անդամներ ու Տիեզերական եկեղեցւոյ սիւնհոդոսի մասնակից սիւնհոդոսական հայրերը։
Երկուշաբթի 15 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 11-ին` ուխտագնացութիւնը կ՛եզրափակուի Սուրբ Պետրոսի աւագ խորանի վրայ մատուցուած հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագով։








All the contents on this site are copyrighted ©.